Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Մեծ Փոփոխութիւններ` 2026-ին

September 24, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2026-ին «Ֆորմիւլա 1»-ը պիտի ունենայ վերջին 25 տարիներու մեծագոյն փոփոխութիւնները:

Նոր օրէնքներով պիտի փոխուին ինքնաշարժներուն տեսքը, ձայնը եւ մինչեւ իսկ արագութիւնը: Նպատակը իբրեւ թէ ինքնաշարժները աւելի «ճկուն», մարտունակ եւ դիւրին կառավարուող ըլլալն է: Շատ մը խումբեր արդէն իսկ 2025-էն փոփոխութիւններ չկատարեցին իրենց ինքնաշարժներուն վրայ` կեդրոնանալով 2026-ին վրայ:

Խումբերը փակ սրահներու մէջ կ՛աշխատին նոր ինքնաշարժներուն վրայ, բայց ինչ որ հրապարակաւ կ՛երեւի այն է, որ դանդաղ ինքնաշարժները շատ ետեւ կրնան մնալ:

Անիւի «Փիրելլի» ընկերութիւնը հաստատեց, որ փորձերու արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ կարգ մը ինքնաշարժներ մօտ 4 երկվայրկեանով ետ կը մնան… բան մը, որ «Ֆորմիւլա 1»-ի մէջ հսկայ առաւելութիւն է: Նոր ինքնաշարժներու արտադրիչներ պէտք է յաւելեալ ժամանակ տրամադրեն հասնելու 15 տարուան փորձառութեան, զորս ունի օրինակ «Մերսետես» «Ֆորմիւլա 1»-ի օրէնքով զտումի մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենային կրան փրիէն օր մը առաջ, կը չափուէին փոլ-փոզիշըն շահող ինքնաշարժի արագութենէն: Այսինքն` 107 տոկոս աւելի նուազ արագութիւն ունեցող ինքնաշարժներ իրաւունք չունէին մասնակցելու կրան փրիին:

Ըստ կարգ մը մասնագէտներու, այս օրէնքը 2026-ին ի զօրու չի կրնար ըլլալ, մանաւանդ որ տակաւին յստակ չէ ինքնաշարժներու ճիշդ մակարդակը փոփոխութիւններէն ետք:

Այս տարի, օրինակ, ճիշդ է, որ «Մաքլարեն» մեծ տարբերութեամբ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, բայց 6 տարբեր խումբեր բարձրացան փոտիում եւ 1 երկվայրկեանէն վար տարբերութիւն կայ բոլոր խումբերուն միջեւ կարգ մը կրան փրիներու զտումներուն:

«Ֆորմիւլա 1»-ի գաղտնի պատրաստութիւնները կրնան ահազանգային արդիւնքներ ունենալ:

Պարզ օրերուն, երբ փորձեր կ՛ըլլան տարեշրջանէն առաջ, վարորդներ կամ ինքնաշարժներ կրնան գիտնալ, թէ ո՞ւր կամ ինչի՞ վրայ պէտք է աւելի աշխատիլ` աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:

Այժմ, նոր օրէնքներով, երբ ելեկտրական ուժով պիտի օժտուին ինքնաշարժները, տակաւին յստակ չէ, թէ ե՛րբ եւ ո՛ր պահուն պիտի օգտագործուի այդ ուժը կամ թէ այդ ուժը միշտ կարելի՞ է գործածել:

Նոր օրէնքներով պիտի մնայ «թիւրպօ հայպրիտ» մեքենայի ձեւը, որ առաջին անգամ 2014-ին օգտագործուած էր, բայց աւելի կեդրոնանալով ելեկտրական ուժին վրայ: Շատեր կը կարծեն, որ «Մերսետես», որուն մեքենաները 9 խմբային տիտղոսներ ձեռք ձգած են 2014-էն ի վեր, թիւ 1 թեկնածուն կրնայ ըլլալ:

Խումբեր, որոնք ետ կը մնան, առիթ պիտի ունենան փոփոխութիւններ կատարելու, ուր «Էֆ. Այ. Էյ.» (ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը) ամէն 6 մրցումներէ ետք պիտի ստուգէ, թէ որո՛նք դժուարութիւններ կ՛ունենան` առիթ տալով իրենց:

Անձրեւի պարագային ըստ երեւոյթին գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ մրցիլը:

Անձրեւի անիւները կրնան գրեթէ չգործածուիլ: Երբ արդէն սաստիկ անձրեւ ըլլայ, ինքնաշարժներուն ետեւի բաժինէն շատ աւելի ջուր պիտի բարձրանայ` ետեւի ինքնաշարժներուն համար անտեսանելի դարձնելով շրջավազքը: Մասամբ ասոր պատճառն է աէրոտայնեմիքսի (ինքնաշարժներուն պոչի բաժինը) վարի բաժինը, որով պարզ անձրեւին նոյնիսկ դժուար պիտի ըլլայ բնական տեսնելը:

«Երբ հանդիսատեսները մեծ գումարներ վճարեն շաբաթավերջին փորձերուն, զտումին եւ մրցումին ներկայ գտնուելու եւ անձրեւէ… պէտք է տուն երթան կարճ մրցումէ ետք: Շատ վատ բան մըն է: Շատ լաւ պէտք է ուսումնասիրուին այս բոլորը, որպէսզի բոլորն ալ ուրախ մնան», ըսաւ Նիքոլաս Թոմպազիս, որ «Ֆորմիւլա 1»-ի մասնագէտ լրագրող մըն է:

Նախորդը

Ընդդէմ Միակուսակցական Կառավարման

Յաջորդը

Թեպաս. «Մեծ Գումարներ Կը Ծախսեն Եւ Արդիւնք Չեն Ստանար…»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.