Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պելկրանօ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւելզ Օլտ Պոյզը:
Մրցումի երրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան: 33 տարեկան Լուքաս Զելարայեան ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ: Հետաքրքրականը այն է, որ Զելարայեանի կոլին փոխանցումը կատարեց Կոնզալօ Զելարայեան` իր կրտսեր եղբայրը: Կոնզալօ 85-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր` երկար ժամանակ բացակայելէ ետք, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Պելկրանոյի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Պարաքաս Սանթրալ: