19 տարեկան հայազգի միջնապահ Արտեմ Բանդիկեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգին մէջ, Մոսկուայի բանակայիններուն հետ:
Ան 89 վայրկեան խաղցաւ Սոչիի դէմ` օգնելով իր խումբին յաղթելու 3-1 արդիւնքով:
Սոչիի մէջ տեղի ունեցած մրցումին հիւրընկալ խումբը նշանակեց մրցումին առաջին կոլը Անտոն Զինքովսքիի միջոցով: Բ. կիսախաղին, Մոսկուայի բանակայինները աւելի լաւ էին եւ տիրապետեցին: Իվան Օպլիաքով 2 կոլեր նշանակեց երկու փենալթիներով, եւ 90 վայրկեաններէն ետք Մաթվէյ Քիսլիաք ամրապնդեց 3 կէտերը:
Բանդիկեան սկսաւ պաշտպանող միջնապահ դիրքի վրայ, իսկ երկրորդ կիսախաղին անցաւ աջ ծայրի պաշտպանող դիրք եւ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ:
9 հանգրուաններէ ետք Մոսկուայի բանակայինները կը գրաւեն 2-րդ դիրքը 18 կէտերով, 1 կէտով ետ մնալով ախոյեան Կրասնոտարէն: