16 տարեկան հայազգի Ադամ Մելիքեան սքանչելի կոլ մը նշանակեց Պորուսիա Տորթմունտի (17 տարեկանէն վար) բերդին մէջ:
Վիքթորիա Քէօլնի պատանիներու խումբի անդամ Մելիքեան, Գերմանիոյ պատանիներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով նշանակեց իր կոլը երկու մարզիկներ խաղի բերելէ ետք, ռմբային հարուածով մը` 25 մեթր հեռաւորութենէն: Քէօլն 1-4 արդիւնքով պարտուեցաւ, բայց Մելիքեանի միակ կոլը Տորթմունտի ստացած առաջին կոլն էր այս տարեշրջանին: Տորթմունտ դասաւորման առաջին դիրքը կը գրաւէ:
Ադամ Մելիքեան ծնած է Մոսկուա եւ մաս կազմած Լոքոմոթիւ Մոսկուայի պատանիներու խումբին: 2021-ին ան միացաւ Պայեր Լեւերքուզընին, իսկ 2024-ին` Վիքթորիա Քէօլնին: Այս տարեշրջանի սկիզբէն ան հիմնական կազմի մարզիկ է, որ հակառակ փոքր տարիքին ֆիզիքական բարձր առաւելութիւններ ունի: Ան 1,88 մեթր հասակ ունի, բարձր որակի թեքնիք ունի եւ շատ ճկուն է: Անոր հիմնական դիրքը յարձակող միջնապահ դիրքն է, բայց ան շատ ատեն կը գործէ միջնապահ կամ յառաջապահ դիրքերու վրայ: