Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Երեքուկէս ժամ տեւած իր երկարատեւ շաբաթական նիստին ընթացքին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող բազմաթիւ հարցերը, որոնց շարքին` Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի մրցաշարքին գծով հաշիւներու թղթածրարին մանրամասն քննարկումներու իր յաջորդական նիստը: Այդ հաշիւներուն գծով տեղի ունեցած զեղծարարութիւններուն եւ կեղծ փաստաթուղթերուն թղթածրարը յանձնուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փաստաբանին, որպէսզի զեղծարարութիւններուն առնչութեամբ անհրաժեշտ բոլոր բացայայտումները կատարէ: Ֆետերասիոնը ամիսով մը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը տեղական...




