Արաբական ակումբներու փինկ փոնկի 29-րդ ախոյեանութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտարարեց, որ երկուշաբթի, 6 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, «Մետիսըն» պանդոկին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ ախոյեանութեան կայացման մասին եւ կարգ մը լուսաբանութիւններ ու յաւելեալ տեղեկութիւններ տայ անոր վերաբերեալ:
Լիբանանի մէջ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Ղազիրի դաշտին վրայ: