Արարատ Երեւան պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ իրականութեան երբեք չեն համապատասխաներ շրջան ընող այն լուրերը, ըստ որոնց խումբը իր ելոյթները պիտի չշարունակէ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Յայտարարուեցաւ, որ թէեւ խումբը ունի տնտեսական տագնապ եւ մարզիկներուն իր վճարելիք ամսականներու ուշացում, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ խումբը կը քաշուի ախոյեանութենէն:
Հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ նշուեցաւ, որ Արարատի չի սպառնար նախապէս փակուած խումբերուն ճակատագիրը:


