«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն փոխախոյեան Քլիվլենտ կրեց տարեշրջանի իր հինգերորդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Ինտիանա Փէյսըրզէն, հակառակ անոր որ Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 33 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն աւելի կէտը նշանակեց Քրիս Միտըլթոն (43), հակառակ իր կազմին` Միլուոքի Պաքսի Շարլոթ Հոռնեթցէն կրած պարտութեան` 126-121 արդիւնքով:
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆէոնիքս Սանզ մրցումին, որ աւարտեցաւ Սանզի յաղթանակով (122-116), իւրաքանչիւր կազմէն մէկական մարզիկ նշանակեց 40 կէտ, Սանզէն Թի. Ճէյ. Ուորըն, իսկ Ուիզըրտծէն` Պրետլի Պիլ:
Թէեւ Տեմարքուս Քուսինա նշանակեց 35 կէտ, բայց անոր կազմը` Նիւ Օրլինզ, իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Մինեսոթա Վուլվզէն (104-98):
Երէկուան մրցումներուն Տալաս Մավըրիքս կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը, իսկ Սաքրամենթօ Քինկզ եւ Աթլանթա Հոքս` իրենց 7-րդ պարտութիւնը: Անոնք ցարդ արձանագրած են միայն մէկ յաղթանակ (Շիքակօ Պուլզի նման):


