Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հունգարիոյ հետ:
Հայկական խումբին չորս հաւասարութիւնները արձանագրեցին Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Հայաստան, որ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 8 կէտ, Հունգարիոյ, Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի հետ կը բաժնէ 2-5-րդ դիրքերը:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ Խրուաթիա` 9 կէտով:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին այս հանգրուանին արձանագրած արդիւնքին, խումբը 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վրաստանէն:
Այսպիսով, Հայաստան կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` իր արձանագրած 3 յաղթանակներուն կողքին: