Աւստրալիոյ Մէջ Դեղին Եւ Կարմիր Քարտեր Պիտի Տրուին Նաեւ… Մարզիչներուն
«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Էյ.-Լիկ»-ին եւ աղջկանց ֆութպոլի` «Տապըլիու-լիկ»-ին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով իրաւարարները իրենց դեղին եւ կարմիր քարտերը պիտի գործածեն... մարզիչներուն եւ բնականաբար նաեւ անոնց օգնականներուն կամ պահեստի նստարաններուն մօտ գտնուող պատասխանատուներուն դէմ: Այս որոշումը գործադրութեան պիտի դրուի, եթէ մարզիչը առարկաներ նետէ, վիրաւորական արտայայտութիւններ ունենայ, վէճեր ունենայ իրաւարարներուն հետ եւ այլն: Աւստրալիոյ լիկայի...




