ճատրակ. եւրոպայի խմբային ախոյեանութիւն. հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները մրցանակային դիրքեր չկրցան գրաւել
Երէկ` երկուշաբթի, 6 նոյեմբերին, Յունաստանի մէջ իր աւարտին հասաւ տղոց եւ աղջկանց Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը: Հայաստանի տղոց հաւաքականը 10 կէտ ապահովելով բաժնեց 12-17-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներուն հայրենի կազմը գրաւեց 14-րդ դիրքը: Հայաստանի հաւաքականին հետ այս ախոյեանութեան ընթացքին հանդէս եկան Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան: Այս ախոյեանութեան Հայաստան արձանագրեց 3 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ...




