Երէկ` հինգշաբթի, 2 նոյեմբերին Լիբանանի տղոց 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Քաթար, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն:
Տոհայի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին Լիբանան իր դէմ պիտի ունենայ միայն Իրաքը եւ Քաթարը` նկատի ունենալով, որ Աֆղանիստան քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահը պիտի ըլլայ Մազեն Քպէյսի, որ խումբին պիտի միանայ այսօր: Խումբին մարզիչն է Պիլալ Ֆըլայֆել, իսկ բերդապահներուն մարզիչը` Պիլալ Հաշեմ: Խումբին հետ Քաթար մեկնած մարզական լրագրողն է Իսմայիլ Մուսաուի: