ՖԻՏԷ-ի հրապարակած նոյեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց 2-րդ դիրքին վրայ` ունենալով 2801 վարկանշային կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ է աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2826), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ֆապիանօ Քարուանա (2799):
Առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Հայաստանի երեք այլ ներկայացուցիչներ` Սերկէյ Մովսիսեան (76-րդ` 2667), Վլատիմիր Յակոբեան (77-րդ` 2667) եւ Գաբրիէլ Սարգսեան (97-րդ` 2655):