Մարոքի մէջ այսօր գիշեր իր աւարտին կը հասնի Արաբական պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը Լիբանանը ներկայացնող ՀՄԸՄ-ի եւ Սալայի միջեւ (Մարոք):
Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ, որ առաջին անգամ ըլլալով իր պատմութեան մէջ կը մասնակցի այս ախոյեանութեան, քայլ մը միայն հեռու է եւ վերջին յաղթանակին պէտք ունի տիտղոսին տիրանալու համար:
Այսօր ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթանակ մը եւս արձանագրելու եւ իբրեւ տիտղոսակիր վերադառնալու Լիբանան:
Նկատի ունենալով, որ այսօր աւարտական ճակատումն է, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի մեծ պաստառ մը, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի համակիրները այդտեղ ուղղուելով քաջալերեն իրենց կազմը:
Երեկոյեան ժամը 19:00-էն սկսեալ բոլոր փափաքողները կրնան ուղղուիլ Պուրճ Համուտի հրապարակ, որպէսզի ապահովեն իրենց աթոռները, բնականաբար` անվճար: Իսկ երեկոյեան ժամը 20:00-էն սկսեալ իր խանդավառ երգերով մթնոլորտը պիտի ճոխացնէ լիբանանահայ սիրուած երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեան` մինչեւ մրցումին ազդանշանին տրուիլը: