Երեքուկէս ժամ տեւած իր երկարատեւ շաբաթական նիստին ընթացքին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող բազմաթիւ հարցերը, որոնց շարքին` Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի մրցաշարքին գծով հաշիւներու թղթածրարին մանրամասն քննարկումներու իր յաջորդական նիստը:
Այդ հաշիւներուն գծով տեղի ունեցած զեղծարարութիւններուն եւ կեղծ փաստաթուղթերուն թղթածրարը յանձնուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փաստաբանին, որպէսզի զեղծարարութիւններուն առնչութեամբ անհրաժեշտ բոլոր բացայայտումները կատարէ:
Ֆետերասիոնը ամիսով մը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը տեղական մրցումներուն հսկող միջազգային փորձառու անձին` Սթելիոս Քոքոլաքիտիսի հետ` նկատի ունենալով, որ ան լաւապէս կը կատարէ իրեն վստահուած պաշտօնը եւ կարեւոր ցուցմունքներ կու տայ լիբանանցի իրաւարարներուն:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ այն ակումբներուն, որոնք հրաւէր ստացած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ֆետերասիոնէն, որպէսզի մասնակցին Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, պայմանով սակայն, որ անոնք տղոց Ա. դասակարգի ակումբներէն ստորագրուած համաձայնութեան նամակ մը ձեռք ձգեն, ինչպէս նաեւ` «Նիւ-Լուք-Փրոտաքշըն» ընկերութենէն:
Նկատի ունենալով, որ երիտասարդ սերունդին մօտ պասքեթպոլի նկատմամբ սէր կայ, ֆետերասիոնը որոշեց, որ տղոց մրցումներուն 14 տարեկանէն վար երկսեռ համակիրներուն դաշտ մուտքը ըլլայ ձրի, պայմանով սակայն, որ հիւրընկալ ակումբը համաձայն գտնուի անոնց դաշտ մտնելուն:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային «Նիւ-Լուք-Փրոտաքշըն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պուտի Մաալուլի պիտի հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պիտի նշէ, թէ ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի իր եւ ֆետերասիոնին միջեւ, եւ այս գծով մամուլին կողմէ հրապարակուած լուրերը երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ: