Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեան Ռէալ Սոլթ Լէյք ակադեմիայի (Միացեալ Նահանգներ) միջնապահ Տիրան Պեպեքեանը հրաւիրեց միանալու իր խումբին հինգ օրուան բանակում մը կատարելու համար, որպէսզի ան պատրաստուի Երեւանի մէջ Պիելոռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն (7 եւ 9 նոյեմբեր):
Այդ հինգ օրուան բանակումը կը սկսի 5 նոյեմբերին:
«Ինծի համար ազգային խումբ հրաւիրուիլը եւ Հայաստանի շապիկը կրելը մեծ պատիւ է: Միշտ ալ կ՛երազէի այս ուղղութեամբ, եւ այժմ իմ այդ երազս իրականացաւ: Յոյսով եմ, որ Պիելոռուսիոյ դէմ կատարուելիք այդ երկու մրցումներուն պիտի տամ իմ առաւելագոյնս», ըսաւ Պեպեքեան:
Ան այս տարեշրջանին Ռէալ Սոլթ Լէյքի 19 տարեկանէն վար խումբին հետ ցարդ նշանակած է երեք կոլ եւ այդ խումբին կատարած 6 մրցումներուն ալ իր մասնակցութիւնը բերած է:
2015-ին վերոնշեալ ակումբին ակադեմիային միանալէ ետք ան մինչեւ օրս անոր հետ կատարած է 34 մրցում (17-ին` իբրեւ հիմնական մարզիկ)` նշանակելով 6 կոլ:
Ակադեմիայի թեքնիք տնօրէն Մարթին Վասքես մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ Պեպեքեանի մասին` նշելով, որ անոր միջազգային ապագան շատ փայլուն պիտի ըլլայ:


