Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան, 11-րդ հանգրուանի Ալաշկերտ Երեւան-Շիրակ Գիւմրի մրցումէն ետք տեղի ունեցած զանգուածային բախումէն ետք երկու ակումբները տուգանքի ենթարկուեցան, մինչ Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան 10 մրցումով կախակայուեցաւ:
Նշենք, որ Շիրակ իր մէկ մրցումը պիտի կատարէ դռնփակ` առանց իր համակիրներուն:


