Փարիզի «Մասթըրզ-1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ Բ. հանգրուանին մրցեցաւ Զհուն Հիոնի դէմ (Հարաւային Քորէա), 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 48 վայրկեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ Նատալ 2017 տարին թենիսի միջազգային վերջնական դասաւորման մէջ պիտի աւարտէ պարագլուխի դիրքին վրայ:


