Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ՖԻՖԱ-ի մէկ նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ 2018-ի մոնտիալին մրցանակային հիմնադրամը` 400 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Մրցաշարքին մասնակցող հաւաքականներէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ նուազագոյնը 8 միլիոն ամերիկեան տոլար: Աւարտական մրցումին մասնակցողը պիտի ստանայ 28 միլիոն ամերիկեան տոլար, պրոնզէ մետալակիրը` 24 միլիոն, իսկ չորրորդ դիրքը գրաւողը` 16 միլիոն:
Ինչ կը վերաբերի աւարտական մրցումի յաղթականին, այսինքն` ախոյեանին, անիկա պիտի ստանայ 38 միլիոն ամերիկեան տոլար:


