«Քուն Հետի» միութիւնը` գործակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ «Փորշ» ընկերութեան, երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին մէջ (Քասլիք) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ Լիբանանի մէջ կիրարկուող երթեւեկի յատուկ օրէնքներուն, որպէսզի բոլոր տեսակի ինքնաշարժ եւ մոթորսիքլեթ վարողները յարգեն զանոնք: