Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայրենի Ըմբիշները Ձեռնունայն Վերադարձան Լեհաստանէն
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեանութեան, հայրենի ըմբիշները ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով ձեռնունայն վերադարձան հայրենիք: Երէկ մրցասպարէզ մեկնեցաւ ըմբշամարտի ազատ ոճի 23 տարեկանէն վար Հայաստանի հաւաքականը:


