Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր առաջին մրցումը կատարեց Ահլի Սայտայի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Սայտայէն վերադարձաւ երեք կէտով` այդտեղ նոր տարեշրջանը տպաւորիչ ձեւով սկսելէ եւ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ` 2-2) արձանագրելէ ետք:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ զգալի եղաւ պայքարի բարձր ոգին` նկատի ունենալով, որ անոնք հիանալի խաղ մը ցուցադրեցին եւ լաւապէս գործադրելով իրենց մարզիչին` Յակոբ Տեմիրճեանի ցուցմունքները, կրցան յաղթանակ մը արձանագրել:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը յաջորդաբար նշանակեցին Սերժ Մելիքեան, Եփրեմ Ազատեան, Սերժ Տօնապետեան եւ Վաչէ Ղուկասեան:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ շաբաթ, 25 նոյեմբերին, երբ երեկոյեան ժամը 19:00-ին «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ կը մրցի Ռաուտա Տըքուանէի դէմ:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի արձանագրած տարեշրջանի այս առաջին յաղթանակը` յուսալով, որ յաղթանակներու շարքը ըլլայ շարունակական:


