Սպանական Մայորքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի կրան փրիի ճատրակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ 4-րդ հանգրուանին ճակատեցաւ (ճերմակ քարերով) հոլանտացի Անիշ Կիրիի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:
Նախորդ երեք հանգրուաններուն Արոնեան հաւասարութիւններ արձանագրեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւի եւ ռուս Տմիթրի Եաքովենքոյի դէմ, մինչ յաղթեց ռուս Էռնեսթօ Ինարքիեւի:
Արոնեան, որ այժմ 3 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, այսօր սեւ քարերով կը մրցի Տին Լիրենի դէմ (Չինաստան):
9 հանգրուան ունեցող այս մրցաշարքը պիտի շարունակուի մինչեւ 25 նոյեմբեր: 21 նոյեմբերը հանգիստի օր է: