Ասիա – Ովկիանիա տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը կը պատրաստուի հինգշաբթի, 23 նոյեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ Հնդկաստանի դէմ կատարուելիք մրցումին, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Զտումի այս մրցումները կը նկատուին բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ խումբերը պիտի ապահովեն 2019-ին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքի իրենց տոմսը:
Լիբանանի մարզիչ Ռամոնաս Փոթաութասի (Լիթուանիա) հսկողութեամբ, ազգային խումբը ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարէ երկու փորձեր:
Նշենք, որ Լիբանանի Գ. խմբակին մէջ են նաեւ Յորդանան եւ Սուրիա:
Հնդկաստանի դէմ ճակատումէն երեք օր ետք` 26 նոյեմբերին, Լիբանան հիւրը պիտի ըլլայ Յորդանանի:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ դաշտ մտնելու սակերը պիտի ըլլան 15, 30 եւ 50 հազար լիբանանեան ոսկի:
Տոմսերը պիտի սկսին ծախուիլ կիրակի, 19 նոյեմբերէն սկսեալ` հետեւեալ վայրերուն մէջ.
Կիրակի, 19 նոյեմբեր` «Միշել Մըր», ժամը 12:00-էն 18:00
Երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր` «Տեմիրճեան» եւ «Նուհատ Նաուֆալ», ժամը 17:00-էն 21:00
Երեքշաբթի, 21 նոյեմբեր` «Մանարա» եւ «Նուհատ Նաուֆալ», ժամը 17:00-էն 21:00
Չորեքշաբթի, 22 նոյեմբեր` «Միշել Մըր», ժամը 10:00-էն 17:00 եւ «Նուհատ Նաուֆալ», ժամը 12:00-էն 21:00: