«Մարքա» յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած
«Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումին իր քիթէն վնասուածք ստացաւ, շուրջ 10 օր պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ռամոս, որ վիրաբուժութեան պիտի չենթարկուի, 10 օր վերջ, երբ դաշտ ներկայանայ, իր դէմքին դրած պիտի ըլլայ յատուկ պաշտպանող դիմակ մը: