Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 19 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը, Մանարայի շրջանին մէջ գտնուող զինուորական ակումբին մէջ` մասնակցութեամբ աւելի քան 50 մարզիկներու, տարբեր դասակարգերու մէջ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարին ներկայացուցիչն էր հազարապետ Կապրիէլ Սանեհ, ինչպէս նաեւ ներկայ էր Արաբական Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Մըհտի Մունիֆ:
Իր խօսքին մէջ, Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօրավար Մահմուտ Տիպ շնորհաւորելով բոլորը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս ախոյեանութիւնը յաջողցուցին:
Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ լիբանանեան բանակին մաս կազմող Ալի Զըղպի (1 ժամ 6′ 44″), իսկ աղջկանց ախոյեան` ազատ մարզիկ Լինտզի Նատեր (1 ժամ 18′ 05″):