Այսօր` երկուշաբթի, 20 նոյեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Նըժմէ իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի գումարէ յատուկ ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ խումբի մարզիչ Ժամալ Հաժի պաշտօնազրկումին կամ անոր տալիք հրաժարականին հարցը:
Նախորդ շաբաթավերջին խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքները շարունակուեցան, երբ անիկա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սալամ Զղարթայէն, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ կատարուած մրցումին ընթացքին:
Նըժմէ, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը, 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է Սաֆա (17 կէտ) ապա յաջորդաբար` Ահտ (14 կէտ) եւ Սալամ Զղարթա (14 կէտ): Անսար 12 կէտով հինգերորդ դիրքին վրայ է: