«Կը ներէ՛ք, ես կը հեռանամ, որովհետեւ ձախողեցայ: Բոլոր իտալացիներէն ներում կը հայցեմ: Իտալական ֆութպոլը պէտք է նոր դարաշրջան մը մտնէ», յայտարարեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քարլօ Թաւեքիօ, որ այսպիսով եկաւ պաշտօնապէս ներկայացնելու իր հրաժարականը:
Սակայն 74 տարեկան Թաւեքիօ անդրադառնալով 2016-ին Ճիամփիեռօ Վենթուրայի ազգային խումբի մարզիչ նշանակուելուն ըսաւ, թէ ինք չէր, որ ընտրած էր Վենթուրան, այլ ազգային խումբի նախկին մարզիչ Մարչելլօ Լիփփի պնդած էր, որ ան պէտք է նշանակուի մարզիչ:
Յամենայն դէպս, ինչ որ ալ ըլլան ներկայացուած հրաժարականներուն պատճառները, իրողութիւնը այն է, որ Իտալիա 60 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի բացակայի մոնտիալէն: