Հարաւային ափրիկեցի Զոլանի Թեթէ արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն դասակարգին մէջ մինչեւ 53,5 քկ աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը պաշտպանեց… միայն մէկ հարուածով:
Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթի մէջ տեղի ունեցած այս մենամարտին ան նաք-աութի ենթարկեց իր ազգակիցը` Սիպոնիսօ Կոնիան: Այս մենամարտը տեւեց միայն 11 երկվայրկեան, մինչեւ Թեթէի տուած հարուածը:
Պոքսինկսքեն կը յայտնէ, որ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար կատարուած այս մենամարտը կռփամարտի պատմութեան մէջ ամէնէն կարճն է:


