
Լուսանկարը Տրամադրեց ՃՕ ՇԱՄԱԱ
Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը:
Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի եւ Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի տպաւորիչ եւ մեծ յաղթանակով: Ան 40 կէտի տարբերութեամբ` 91-51 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Անդրանիկ Պէյրութի (23-11, 16-14, 26-14 եւ 26-12):
Ինչպէս նկատելի է, մրցումին ամբողջ տեւողութեան ՀՄԸՄ ինք եղաւ տիրապետողը եւ իւրաքանչիւր կիսախաղին յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը հետզհետէ բարձրացնել:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը եւ տապըլ-տապըլ իրագործողը հանդիսացաւ Վիքի Մաքքինթեր (29 կէտ, 21 ռիպաունտ), մինչ մնացեալ կէտերը նշանակեցին Էյփրըլ Սայքս (21), Ռեպեքքա Աքըլ, Մեղրի Թորոսեան (12-ական), Նաթալի Սվաճեան (8), Քաթերին Հաժ (4), Սանտրա Նաժըմ (3) եւ Ֆարահ Հարաքէ (2):
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը քաջալերելու եկած էին ՀՄԸՄ-ի մեծ թիւով համակիրներ, որոնք եկան նեցուկ կանգնելու իրենց կազմին:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի մէջ կը հիւրընկալէ Շեպիպէն:
Ճիշդ շաբաթ մը ետք` երկուշաբթի, 27 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, 5-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:


