Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 19 նոյեմբերին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնին նուիրուած բաժակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 75 մարզիկներ` մասնակցելով կրտսերներու (16 տարեկանէն վար), երիտասարդներու (17-18 տարեկան), մեծերու (19 տարեկանէն վեր) եւ մասթըրզի (40 տարեկանէն վեր) դասակարգերու մրցումներուն:
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ զգալիօրէն այս բաժակի մրցումէն բացակայեցան անկարգելաւոր մարզիկները:
Ոչ արհեստավարժներու (սիրողական) մրցումին մասնակցեցան 25 հեծելանւորդներ: Այս 40 քիլոմեթրի մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Բեկոր Եագուպեան (1 ժամ 04′ 05″), որ սփրինթով գերազանցեց Ասաատ Պուղարիոսը, որ ժամանման գիծը անցաւ 01″ ուշացումով:
Յիշատակելի եղաւ կրտսերներու մրցումին (2001-2004-ի ծնունդ) Ատիպ Ապտալլա Թապեթի (13 տարեկան) ձեռք ձգած յաջողութիւնը: Ան 15 քիլոմեթրի մրցումին արձանագրելով 27′ 15″ արդիւնք մը, հանդիսացաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնին նուիրուած բաժակի այս մրցաշարքին, ամէնէն կրտսեր տիտղոսակիրը:
Երիտասարդներու մրցումին (58 քկ), Եան Պուզան (Պայք Լեպանոն) հանդիսացաւ առաջին յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` իր ետին ձգելով Յովսէփ Գանլըճեանը (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ): Քարլ Տեմիրճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) հանդիսացաւ հինգերորդ:
Մեծերու մրցումին առաջին հանդիսացաւ Լիբանանեան բանակին մաս կազմող Ալի Զըղպի, իսկ Մասթըրզի մրցումին Պասսամ Տըննաուի (Պայք Լեպանոն):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կազմակերպած բոլոր մրցումներուն գլխաւոր հովանաւոր «Սքոթ» ընկերութիւնը:
Յայտնենք, որ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վաղը` չորեքշաբթի, 22 նոյեմբերին, Լիբանանի Անկախութեան տօնին նուիրուած տողանցքին: