Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, վաղը` կիրակի, 19 նոյեմբերին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ հանդիպումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ցարդ իրենց կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած են:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան»-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել արաբական աշխարհի եւ Լիբանանի ախոյեան իրենց խումբը: