Նախորդ շաբաթավերջին Լոնտոնի մէջ սկսաւ ճատրակի «Լոնտոն-Չես-Քլասիք» գերմրցաշարքը, որ ՖԻՏԷ-ի «Կրան Չես Թուր»-ի վերջին հանգրուանն է:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր դէմ ունէր Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ֆապիանօ Քարուանան, սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ` 42-րդ շարժումին:
Առաջին հանգրուանին նման, այս հանգրուանի բոլոր ճակատումները եւս աւարտեցան հաւասարութեամբ, եւ ցարդ անոր մասնակցող տասը ճատրակ խաղացողներէն ոչ մէկը կրցած է յաղթանակ արձանագրել: