Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթի, որ նախորդ շաբաթավերջին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած Լա լիկայի մրցումին վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, 8 շաբաթ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, յայտնեց Պարսելոնայի պաշտօնական կայքը:
Այսպիսով, 24 տարեկան Ումթիթի պիտի բացակայի նաեւ յառաջիկայ 23 դեկտեմբերին Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուելիք «Քլասիքօ»-ի մրցումէն:
Քաթալոնական ակումբը յայտնեց նաեւ, որ նոյն այս մրցումին վիրաւորուած Անտրես Ինիեսթա պիտի բացակայի մէկ մրցումով, որ պիտի կատարուի երեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, Սփորթինկ Լիզպոնի դէմ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ: