Սելթիքսի 21-րդ Յաղթանակը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, 11 ճակատումներուն ընթացքին ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ յաղթանակներ արձանագրեցին իրենց դաշտերէն դուրս:
Պոսթըն Սելթիքս արձանագրեց տարեշրջանի իր 21-րդ յաղթանակը` 111-100 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միլուոքի Պաքսը:
Այս վերջինէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 40 կէտ:

Երէկուան մրցումներուն, բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով, Ֆէօնիքս Սանզի մարզիկներէն Տեւին Պուքըր, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (115-101) նշանակեց 46 կէտ:
Ցարդ միայն երեք յաղթանակ արձանագրած Շիքակօ Պուլզ իր 19-րդ պարտութիւնը կրեց (բոլոր խումբերուն մէջ ամէնէն աւելին Քաւալիրզէն: Երկրորդ ամէնէն աւելի պարտութիւն (18) կրած խումբն է Աթլանթա Հոքս:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Շարլոթ Հորնեթց – Օրլանտօ Մեճիք | 104-94 |
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս | 115-97 |
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 101-115 |
Աթլանթա Հոքս – Պրուքլին Նեթց | 90-110 |
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս | 111-100 |
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 91-113 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 95-92 |
Նիւ Օրլինզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 115-125 |
Տալաս Մավըրիքս – Տենվըր Նակեթց | 122-105 |
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 96-93 |
Եութա Ճեզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 116-69 |
Ստորեւ` այսօրուան երեք մրցումներուն յայտագիրը.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Օքլահոմա Սիթի – Եութա Ճեզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ