Փորթուգալեան Մարիթիմոյի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան երկարատեւ ընդմիջումէ ետք վերադարձաւ խաղադաշտ:
29 տարեկան Ղազարեան, 8 ամսուան բացակայութենէ մը ետք, նախորդ շաբաթավերջին Մորէյրենսէի դէմ տեղի ունեցած Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին դաշտ ներկայացաւ 74-րդ վայրկեանին:
Ան վիրաւորուեցաւ 26 մարտին, Ղազախստանի դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումին (Երեւանի մէջ):