«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի, երեք կէտի տարբերութեամբ միայն` 90-87 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սան Անթոնիօ Սփըրզին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Մայեմիի մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ` Հիթի դէմ, 123-95 արդիւնքով: Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 30 կէտ:
Այլ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Հիուսթըն Ռոքեթց` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դաշտին վրայ, 118-95 արդիւնքով: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 36 կէտ:
Մինեսոթայի մէջ, Վուլվզ 112-106 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզին: Ճիմի Պաթլըր (Վուլվզ) նշանակեց 33 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան հինգերորդ եւ վերջին մրցումին, Օրլանտօ Մեճիք 105-100 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Եորք Նիքսի դաշտէն: