«Մարքա» հաղորդեց, որ այսուհետեւ ՖԻՖԱ-ն պիտի չկայացնէ ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքը:
Այդ մրցաշարքը պիտի ստանայ նոր ձեւ մը, եւ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 24 խումբեր:
8 տեղերը պիտի տրամադրուին «Չեմփիընզ լիկ»-ի վերջին չորս տարիներու տիտղոսակիրներուն եւ աւարտականին պարտութիւն կրած խումբերուն:
Իսկ չորս տեղեր պիտի յատկացուին, Եւրոպայէն ամէնէն բարձր դիրքերուն վրայ գտնուող ակումբներուն:
Այսպիսով, Եւրոպա կը ստանայ 12 խումբ:
Հարաւային Ամերիկան կը ներկայանայ 5 խումբով, Ափրիկէ, Ասիա եւ Հիւսիսային Ամերիկա` 2-ական խումբով, իսկ Ովկիանիա` 1 մասնակիցով:
Այդ 24 խումբերը պիտի բաժնուին 8 խմբակի, իւրաքանչիւրը` 3 խումբ:
Քառորդ աւարտական կը հասնին խմբակներուն պարագլուխի դիրքը գրաւող 8 խումբերը: