Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Շռնդալից Յաղթանակով Մը Պասքեթպոլի Բաւական Լաւ Դաս Մը Տուաւ Ցարդ Անպարտելի Շանվիլին

December 4, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Շանվիլը:

Հիւրընկալ կազմը, գերբացառիկ եւ տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, 33 կէտի տարբերութեամբ յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին դէմ` 110-77 արդիւնքով (30-19, 18-19, 29-19 եւ 33-20):

Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի տղոց արձանագրած այս յաղթանակը ոչ միայն եղաւ փայլուն, այլեւ շռնդալից` նկատի ունենալով, որ խումբը յաջողեցաւ պասքեթպոլի բաւական լաւ դաս մը տալ ցարդ անպարտելի Շանվիլին:

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ նոյնիսկ գրաւել պարագլուխի դիրքը:

ՀՄԸՄ-էն բաւական մօտ էր թրիպըլ տապըլ մը իրագործելու Իսմայիլ Ահմետ, որ նշանակեց 15 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ:

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մաքրամ Պըն Ռամատան (30 կէտ, 8 ռիպաունտ), ապա` Սամուէլ Եանկ (23):

Իր կարգին, Իսմայիլի նման տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Հայկ Կէօքճեան (18 կէտ, 10 ռիպաունտ), իսկ Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 16 կէտ:

Իսկ Շանվիլէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պրենտըն Եանկ (20), ապա` Ֆետի Խաթիպ (18):

Կ՛ակնկալուի, որ նոյն այս խաղաոճը յաջորդ մրցումներուն եւս շարունակուի, իսկ մարզիկները մնան իրենց նոյն մակարդակին վրայ:

Այս մրցումին ներկայ գտնուողներուն կարգին էին նաեւ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ուալիտ Նասսար:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք անընդհատ քաջալերելով իրենց կազմը, եղան պարկեշտ համակիրներ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ մարզադաշտին մէջ ստեղծեցին տօնական սքանչելի մթնոլորտ մը:

Այլ մրցումի մը ընթացքին, երէկ Սաժես 99-85 արդիւնքով յաղթեց Անթունիէի, Ղազիրի մէջ:

Մութթահետ, որ Թրիփոլիի մէջ հիւրընկալեց Ռիատին, վերջին կէս վայրկեանին պարտուեցաւ կողովի մը տարբերութեամբ (86-84):

Վերջապէս, Պէյրութ իր դաշտին վրայ յաղթեց Թատամոնին` 100-62 արդիւնքով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Պըրժ 1-1

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին
Մարզական

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

January 16, 2026
Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

January 16, 2026
Ուասլ.  Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.