Ժամայքայի մայրաքաղաք Քինկսթոնի մէջ կատարուեցաւ ողիմպիականի ութակի ախոյեան, 100 եւ 200 մեթր վազքի աշխարհի մրցանիշակիր Ուսէյն Պոլթի պրոնզէ արձանին բացման հանդիսութիւնը:
Մօտ 2,5 մեթր բարձրութիւն ունեցող այս արձանը զետեղուեցաւ երկրին ազգային մարզադաշտին մօտը:
«Ինծի համար ասիկա մեծ պատիւ մըն է, որուն համար խօսքեր չեմ գտներ արտայայտուելու», ըսաւ ան:
Նշենք, որ 11 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պոլթ իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց նախորդ օգոստոսին, Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութենէն ետք: