Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Լոնտոն-Չես-Քլասիք գերմրցաշարքին 3-րդ հանգրուանի բոլոր հանդիպումները եւս, նախորդ երկուքին նման, աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, իր երրորդ հաւասարութիւնը արձանագրեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինի հետ:
Ան իր առաջին երկու հաւասարութիւնները արձանագրած էր ռուս Եան Նեփոմնիասչուի եւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի հետ:
4-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցն է հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ:
Նշենք, որ Լոնտոն-Չես-Քլասիք-ը Կրանտ Չես Թուր-ի վերջին հանգրուանն է: