Արժանթինի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Եուվենթուտ – Ինտիփենտիենթէ փլէյ-օֆի մրցումը ունեցաւ տխուր աւարտ մը:
Մրցումին աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ, Եուվենթուտ 1-0 արդիւնքով կը պարտուէր` նկատի ունենալով, որ հիւր կազմը փենալթիով նշանակած էր կոլ մը:
Անոր համակիրները, նախքան այս մրցումին աւարտը, զանգուածային յարձակում մը գործեցին օրուան երեք իրաւարարներուն վրայ, որոնք արիւնլուայ վիճակի մէջ դաշտէն դուրս հանուեցան եւ փոխադրուեցան հիւանդանոց:
Կողմի իրաւարար Մարսելօ Աքոսթայի գլուխը լրջօրէն պատռուած էր:
Շատ հաւանական է, որ այս շաբաթավերջին բաւական խիստ պատիժներ սահմանուին Եուվենթուտի դէմ: