Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 17 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Մասիսի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի կազմին անդամներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակով աւարտել իրենց այս մրցումը` դասաւորման մէջ աւելի բարձր դիրքի մը հասնելու ձգտումով: