Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Անտոնեան համալսարանին մէջ (Հատաս – Պաապտա), կատարուեցաւ համաձայնագիրի կնքում վերոնշեալ համալսարանին եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին միջեւ:
Այդ համաձայնագիրը ստորագրեցին համալսարանի նախագահ հայր Միշել Ժալըխ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու, հիւրերու եւ մարզական լրագրողներու:
Ֆետերասիոնը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի օժանդակէ, որպէսզի ֆութպոլի մարզը յառաջխաղացք արձանագրէ համալսարանին մէջ: