«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր յառաջապահին` Փիեռ – Էմերիք Օպամեյանկի հետ, կը յայտնէ գերմանական մամուլը: Ան այսպիսով մինչեւ 30 յունիս 2021 պիտի մնայ խումբին հետ:
Սակայն այս գծով գերմանական ակումբին կողմէ ցարդ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը չէ հրապարակուած:
28 տարեկան կապոնցի ֆութպոլիստին այժմու պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020: