Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 17 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը պիտի ըլլայ Հուփսին:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
ՀՄԸՄի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի կազմը:
Յայտնենք, որ այս հանգրուանը կը սկսի այսօր, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ Անդրանիկ Պէյրութ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:


