Հովանաւորութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, պասքեթպոլի եւ ֆութսալի դպրոցական մրցաշարքը կը շարունակուի բաւական մեծ խանդավառութեամբ:
Պասքեթպոլի մրցումները տեղի կ՛ունենան Շանվիլի դաշտին վրայ, իսկ ֆութսալի մրցումները Լուէյզիի մարզադաշտին վրայ:
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ.
Մար Եուսեֆ Այնթուրա – Լուիզ Ֆեկմըն` 57-50, Շանվիլ – Բողոքական դպրոց` 91-46, Շանվիլ Հայ Սքուլ – Այիլա Մուքատտաս` 106,41, Ամերիքըն Քոմիւնիթի Սփոր – Սապիս` 59-33:
ՖՈՒԹՍԱԼ.
Բողոքական քոլեճ – Սեն Ժոզեֆ Սքուլ` 7-2, Լուէյզի – Ճիզըս Էնտ Մէյրի` 3-3, Սաժես Պրազիլիա – Ինթըրնեշընըլ քոլեճ` 2-0, Սապիս – Ռըսոլ` 5-3: