Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ նախորդ ուրբաթ օր դարձի Ա. հանգրուանին գծով Պէյրութի դէմ իր մրցումը չկատարեց` նկատի ունենալով, որ իրաւարարները դիմած էին գործադուլի:
Երթի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր 9-րդ յաղթանակը, երբ 105-97 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սաժեսը (19-15, 28-26, 31-27 եւ 27-29):
Նշենք, որ երթին ՀՄԸՄ արձանագրեց 79-67 արդիւնքով յաղթանակ մը:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուոլթըր Հոճ` 30 կէտ (ներառեալ` 8 էսիսթ եւ 3 սթիլ): Անոր խմբակից Սեմ Եանկ նշանակեց 24 կէտ, մինչ Իսմայիլ Ահմետ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ, 10 ռիպաունտ): 13-ական կէտ նշանակեցին Էլի Շամուն եւ Մաքրամ Պըն Ռամատան, մինչ Սեւակ Քեթենճեան` 6 կէտ (2 թրի փոյնթ):
Սաժեսէն, բաւական լաւ ներկայացում մը ունենալով, Ղասսան Նաամէ նշանակեց 31 կէտ (ներառեալ` 9 թրի փոյնթ), Ճէյ Եանկպլատ նշանակեց 28 կէտ, իսկ անոր խմբակից Աթեր Մաճոք տապըլ-տապըլի մը հեղինակը դարձաւ (16 կէտ, 14 ռիպաունտ, ներառեալ` 1 թրի փոյնթ):
Նշենք, որ Տուայն Ճեքսըն դաշտ ներկայացաւ միայն 10′ 25″` նկատի ունենալով, որ ան երկու անսփորթցմըն ֆաուլ կատարելով դաշտէն վտարուեցաւ:
Իր կարգին, Սաժես, որ մրցում մը նուազ կատարած է (Մութթահետի դէմ), այսպիսով կրեց իր չորրորդ պարտութիւնը` վեց յաղթանակներու կողքին:
Հոս նշենք, որ ՀՄԸՄ-էն դաշտ չներկայացաւ Հայկ Կէօքճեան (վիրաւոր):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Զիատ Թաննուս:
Դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, Լուէյզի 82-79 արդիւնքով պարտուեցաւ, մինչ Ռիատի 83-72 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Անթունիէին: