Եւրոպական «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր, Սպանիոյ ախոյեան ՌԷալ Մատրիտ, նախորդ շաբաթավերջին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ակումբներու ախոյեանի տիտղոսին արժանացաւ:
Աւարտականին, Զինետին Զիտանի գլխաւորած խումբը, մրցելով Հարաւային Ամերիկայի Լիպերթատորես բաժակի տիտղոսակիրին` պրազիլական Կրեմիոյի դէմ, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նշանակած կոլին (53-րդ):
Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ, երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Իսկ Ռոնալտօ իր նշանակած 7 կոլերուն շնորհիւ դարձաւ, այս մրցաշարքին պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը:
Անոր խրուաթ խմբակից Լուքա Մոտրիչ ճանչցուեցաւ այս ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը: