Շաբաթ, 16 դեկտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ աւարտեցաւ վերոնշեալ ակումբին կողմէ կազմակերպուած 2017-ի ակումբներու թենիսի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան բազմաթիւ ակումբներու մեծաթիւ մարզիկներ:

Վերջնական դասաւորման մէջ, կազմակերպիչ ակումբը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Մոն լա Սալ եւ Կոլֆ ակումբները:
Աւարտին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ եւ այլ անդամներ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:
Օլիվըր Ֆայսալ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ախոյեանութեան յաջողութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր անձերուն, հիւրընկալ ակումբին եւ մարզական մամուլին:
Այլ գետնի վրայ, այսօր գիշեր «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի մէջ գտնուող իր ակումբին մէջ կը կատարէ 2017 տարուան ընթացքին իր կատարած բոլոր ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն մրցանակաբաշխութիւնը: